2017-11-09 09:34:00

Հայ երեխաները աւելի ներդաշնակ կը զարգանան` դպրոցի մէջ Ճատրակ ուսանելով


Հայաստանի մէջ նոր սերունդի ձեւաւորման եւ բնաւորութեան զարգացման մէջ շատ կարեւոր կը համարուի դպրոցներու մէջ ճատրակի դասաւանդումը: Այդ մասին յօդուած հրապարակած է Ֆինլանտիոյ ամենամեծ Hufvudstadsbladet (HBL) թերթը, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:

«Հայ երեխաները ատոր շնորհիւ աւելի ներդաշնակ կը զարգանան, ինչ որ կը հաստատեն Դանիոյ եւ Վենզուելայի հետազօտութիւնները երեխայի կեդրոնացման եւ մտաւոր կարողութիւններու վրայ ճատրակի ազդեցութեան մասին»,- կ՛ըսուի յօդուածին մէջ։

Պարբերականը կը նշէ, որ 2011-ին Հայաստանը առաջինը աշխարհի մէջ ճատրակը իբրեւ պարտադիր առարկայ ներդրեց դպրոցներուն` տարրական դպրոցի 2-4-րդ դասարաններուն մէջ:

«Սակայն երեխաներէն շատերը աւելի վաղ կը ծանօթանան այս մտախաղին, քանի որ ծնողները զանոնք մասնգիտական դպրոցներ կը տանին: Երեւանի այդպիսի դպրոցներէն մէկուն մէջ 5-16 տարեկան 200 աշակերտ կայ: Այդպիսի մասնագիտական դպրոցները Երեւանի մէջ 12-ն են, բոլորը կը ֆինանսաւորուին քաղաքապետարանին կողմէ»,- կը գրէ թերթը:








All the contents on this site are copyrighted ©.